Մարզական

Հաշեմ Հայտար` Ասիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Գործադիր Յանձնախումբի Անդամ

  Լուսանկարները տրամադրեց` ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Երէկ` հինգշաբթի, 30 ապրիլին, Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ տեղի ունեցան Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր յանձնախումբի ընտրութիւնները` Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին 26-րդ համագումարին զուգահեռ: Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար ընտրուեցաւ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր յանձնախումբի անդամ` ապահովելով 32 ձայն: Նշենք, որ այս ընտրութիւններուն ներկայ էր նաեւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր:

Փինկ Փոնկ. Տղոց Բ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Նահանգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանդիսացաւ 2-րդ, Իսկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 3-րդ

Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցած Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Բ. դասակարգի Լեռնալիբանանի նահանգի ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան վերջին ճակատումները: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 30 խումբեր, բաժնուած` 8 խմբակներու: Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքերը գրաւողները ապահովեցին Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը, ապա մէկ խմբակի դրութեամբ մրցումներ կատարեցին իրարու դէմ: Ապահովելով 10 կէտ եւ առանց պարտութիւն կրելու,...

Ոչ Եւս Է Անուանի Ծանրաբարձ Վարդան Միլիտոսեան

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութենէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը երէկ հաղորդեց, որ օր մը առաջ, ուշ երեկոյեան, իր մահկանացուն կնքեց նախկին Խորհրդային Միութեան վաստակաւոր վարպետ եւ վաստակաշատ մարզիչ Վարդան Միլիտոսեան: Ան վերջին շրջանին ծանր հիւանդ էր: Միլիտոսեան 1976-ին եւ 1978-ին հանդիսացած է Եւրոպայի ծանրաբարձութեան կրկնակի ախոյեան, նոյն այդ տարիներուն` աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ կրկնակի մետալակիր, 1976-ին` ողիմպիական...

Քարթինկ. Շաբաթ, 2 Մայիսին` 3-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի շաբաթ, 2 մայիսին, «Փիթ Սթափ»-ի վազքուղիին վրայ (Զուք Մոսպեհ) տեղի կ՛ունենան Լիբանանի Քարթինկի 2015-ի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները` տարբեր դասակարգերու մէջ: Մրցումները կը սկսին առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի կ՛աւարտին ժամը 14:00-ին: Նշենք, որ մրցումներուն աւարտէն անմիջապէս ետք տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ:  

Պասքեթպոլ. Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Յորդանան

Երէկ առաւօտուն, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը մեկնեցաւ Յորդանան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի 2-րդ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ամմանի մէջ: Ստորեւ` Յորդանան մեկնած լիբանանեան պատուիրակութեան կազմը. Մարուն Ժըպրայել (նախագահ), Էլի Ռաատ, Փաթրիք Սաքըր (պատասխանատուներ), Ալեն Սայեղ (թեքնիք տնօրէն), Սալիմ Շիմալի (մարզիչ), Ռոլան Թապեթ (օգնական մարզիչ), Ժորժ Սաատ (միջազգային իրաւարար), Սալիմ Մուքատտամ, Մոհամետ Քըպթան,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Սաժեսը. 3-րդ Մրցումը` Վաղը. Այսօր` Ռիատի – Շանվիլ 3-րդ Մրցումը

Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Ժիպէյլի մէջ տեղի ունեցաւ Պիպլոս - Սաժես երկրորդ մրցումը: Պիպլոս, որ իր կատարած առաջին մրցումին 76-67 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ եւս յաղթանակ մը արձանագրելով 2-0 արդիւնքով գերազանցեց Սաժեսը: Անոնց միջեւ երրորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ վաղը` շաբաթ, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, Ղազիրի մէջ: Նշենք, որ...

«Փրեմիեր Լիկ». Մուրինիոյի Կազմը` Չելսի Տիտղոսին Տիրանալուն Սեմին

Շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 35-րդ հանգրուանի ճակատումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը` Չելսի, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 80 կէտ, 13 կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ Մանչեսթըր Սիթին (2-րդ) եւ Արսենալը (3-րդ), որոնք ունին 67-ական կէտ: Չելսի, որ կիրակի, 3 մայիսին պիտի հիւրընկալէ Քրիսթալ Փալասը, յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային պիտի...

«Լիկ-1». Այսօր` Մես – Մարսէյ

Ֆրանսայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 35-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր Մարսէյ հիւրը կ՛ըլլայ Մեսի: Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ կը գրաւէ առաջին դիրքը, պիտի այցելէ Նանթի դաշտը, մինչ Լիոն (2-րդ) պիտի հիւրընկալէ Էվիանը: Ստորեւ` 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Մես (19) - Մարսէյ (5) 21:30 ՇԱԲԱԹ   Լիոն (2) - Էվիան...

Թրիաթլոն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մարզիկները Խլեցին Առիւծի Բաժինը

Կազմակերպութեամբ Էլիթ Ռանինկ Քլապի, հովանաւորութեամբ Լիբանանի բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ թրիաթլոնի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան բազմաթիւ ակումբներ եւ միութիւններ, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիկները իրենք զիրենք պարտադրելով իրենց մրցակիցներուն խլեցին առիւծի բաժինը: 22 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Մ. Պաղտատի, գրաւեց առաջին դիրքը: Ատկէ բացի,...

Եուրօ-Վալենսիայի 2015-ի Միջհամալսարանական Միջազգային Մրցաշարք.  Հայկազեան Համալսարանը Արձանագրեց Փայլուն Արդիւնքներ

Եուրօ-Վալենսիայի 2015-ի Միջհամալսարանական Միջազգային Մրցաշարք. Հայկազեան Համալսարանը Արձանագրեց Փայլուն Արդիւնքներ

Նախապէս հաղորդած էինք, որ Հայկազեան համալսարանը վերջերս իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եուրօ - Վալենսիա 2015-ի միջհամալսարանական միջազգային մրցաշարքին: Սպանիոյ մէջ Հայկազեան համալսարանի ուսանողները արձանագրեցին բաւական տպաւորիչ եւ փայլուն արդիւնքներ: Հայկազեան համալսարանի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը հանդիսացաւ մրցաշարքի ախոյեան` արձանագրելով սքանչելի արդիւնքներ: Ասիկա կը նկատուի բացառիկ իրագործում մը` նկատի ունենալով, որ նախապէս խումբը երբեք տիտղոսի չէր տիրացած: Թենիսի մրցաշարքին...

Արա Խաչատուրեան Կ՛ուղղուի Դէպի Էվերեսթի Գագաթը

Արա Խաչատուրեան Կ՛ուղղուի Դէպի Էվերեսթի Գագաթը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով եւ ոգեկոչելու համար 24 ապրիլ 1915-ին զոհ գացած 1,5 միլիոն սուրբ նահատակներուն անմեռ յիշատակը, լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան ձեռնարկած է մագլցելու Էվերեսթի գագաթը, որուն բարձրութիւնը կը հասնի 8848 մեթրի: Ներկայիս 50 տարեկան Արա Խաչատուրեան, որ ծնած է Լիբանան, սակայն կ՛ապրի Ֆրանսա, իր այս քաջալերական եւ քիչ մըն ալ արկածախնդրական քայլով, կու գայ բոլորին ցոյց տալու հայուն աննկուն...

Գերմանական Ֆութպոլ. Մխիթարեանի Կազմը` Տորթմունտ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Ախոյեան Պայէրնը

Հենրիխ Մխիթարեան (ձախին) Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պայէրն Միւնիխ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պորուսիա Տորթմունտը, չկրցաւ շրջանցել այս հանգրուանը եւ փենալթիներով (3-1) պարտութիւն մը կրելէ ետք իր մրցակիցէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով, որմէ ետք դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն: Մրցումէն ետք, Պայէրն Միւնիխի մարզիչ` Եոսիփ Կուարտիոլա ըսաւ, որ մինչեւ 70-րդ վայրկեանը յաջողեցանք...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիպլոս – Սաժես 2-րդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆոր-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 30 ապրիլին, տեղի կ՛ունենայ Պիպլոս - Սաժես մրցումը, Ժիպէյլի մէջ, ժամը 17:30-ին: Հաղորդած էինք, որ երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին մրցումին Պիպլոս` 76-67 արդիւնքով, յաղթանակ մը արձանագրեց, Ղազիրի մէջ: Ասկէ մեկնելով` Սաժես իր կարելին պիտի ընէ յաղթանակ մը արձանագրելու համար, որպէսզի արդիւնքը հաւասարեցնէ: Նշենք, որ կիսաւարտականի երկրորդ...

Հայկական Ֆութպոլ. Բարձրագոյն Խումբի Ակումբները «Եու. Է. Էֆ. Ա.»- ի Արտօնագիրներ Ստացան

ArmSport.am` մէջբերելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած լուրը, յայտնեց, որ անոր գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ակումբներուն արտօնագրման համակարգի, արտօնագրման կոմիտէին հերթական նիստը: Այդ նիստին ընթացքին Փիւնիկ, Շիրակ, Միքա, Բանանց, Գանձասար, Արարատ, Ուլիս եւ Ալաշկերտ, ներկայացուցած էին իրենց փաստաթուղթերը, որպէսզի կարենան ստանալ արտօնագիրներ մասնակցելու «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 2015-2016 տարեշրջանի ակումբներու մրցաշարքին: Լաւապէս քննուելէ ետք անոնց ներկայացուցած փաստաթուղթերը, բարձրագոյն դասակարգի այդ խումբերը...

Հայկական Ֆութպոլ.  Վարուժան Սուքիասեան Վերադարձաւ Արարատ

Հայկական Ֆութպոլ. Վարուժան Սուքիասեան Վերադարձաւ Արարատ

Իր լուրը քաղելով Արարատի պաշտօնական կայքէն, ArmSport.am յայտնեց, որ ակումբը գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը վստահեցաւ Վարուժան Սուքիասեանին: Նախապէս ան Արարատի գլխաւոր մարզիչն էր 2006-2008 ժամանակահատուածին: Անոր գլխաւորութեամբ, խումբը դարձաւ 2008-ի Հայաստանի բաժակակիր եւ ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր: Նշենք, որ 58 տարեկան մասնագէտը նախապէս գլխաւորած է Հայաստանի ազգային եւ երիտասարդական հաւաքականները, Պէյրութի ՀՄՄ-ը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ խումբեր, որոնց կարգին` Բանանց, Կոտայք,...

Սուրէն Չախալեան Վերադարձաւ Ուլիս

Ուլիսի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը երկար ժամանակ թափուր չմնաց: ArmSport.am նախորդ շաբաթավերջին հաղորդեց, որ ակումբին գլխաւոր բաժնետէր Վալերի Յովհաննիսեան խումբին մարզիկներուն ներկայացուց նոր մարզիչը: Ուլիս վերադարձաւ խումբին գլխաւոր նախկին մարզիչ Սուրէն Չախալեան, որ անմիջապէս ստանձնեց իր պաշտօնը` անցնելով փորձերուն: Նախապէս, Ուլիսը լքելէն ետք, Չախալեան գլխաւորած էր Արարատը: Ան քանի մը օր առաջ ներկայացուց իր հրաժարականը, որ ընդունուեցաւ Արարատի կողմէ: Նշենք, որ...

Փինկ Փոնկի Մրցաշարք` . «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 26 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի մրցաշարք մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Մրցումները ընթացան բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ եւ իւրաքանչիւր մարզիկ փորձեց լաւ արդիւնք արձանագրել: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. ՏՂԱՔ (2003-2004-2005). 1.- Արտակ Ասատուրեան, 2.- Նարեկ Յարութիւնեան, 3.- Միսաք Պարսումեան եւ Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան: ՏՂԱՔ (2001-2002-2003). 1.- Բիւրակ Խանճիհանեան, 2.- Նարեկ Փանոսեան, 3.-...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Իր Դաշտին Վրայ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը. Ռիատիի Երկրորդ Պարտութիւնը

Շանվիլ - Ռիատի մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 25 ապրիլին, Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես - Պիպլոս առաջին մրցումը: Դաշտին տէրը` Սաժես, կրեց այս տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, երբ 76-67 արդիւնքով (15-26, 34-40, 52-59 եւ 67-76) տեղի տուաւ իր հիւրին դիմաց: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պիպլոսի մարզիկ Ռաթքօ Վարտա...

Ըմբշամարտ.  Արսէն Ջուլֆալակեան Եւ Արթուր  Ալեքսանեան Ոսկի Մետալակիր` Սոֆիայի Մէջ

Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան Եւ Արթուր Ալեքսանեան Ոսկի Մետալակիր` Սոֆիայի Մէջ

Արսէն Ջուլֆալակեան (ձախէն` երրորդը) Արթուր Ալեքսանեան (ձախին) 24-26 ապրիլին Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցաւ ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարք մը` 53-րդ անգամ ըլլալով: 75 քկ դասակարգին մէջ, աշխարհի ախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան տիրացաւ ոսկի մետալին, երբ աւարտականին 2-0 արդիւնքով յաղթեց պուլկարացի Իլիան Գէորգիեւին: Յատկանշական էր այն, որ աշխարհի ախոյեանը պարգեւատրման արարողութեան մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած մարզաշապիկով եւ իր այս յաղթանակը նուիրեց Հայոց...

Page 1233 of 1275 1 … 1,232 1,233 1,234 … 1,275

Արխիւներ