Շաբաթ, 18 ապրիլին, «Արմենիա-Մարիոթ» պանդոկին «Տիգրան մեծ» շքասրահին մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին 13-րդ ժողովը:
Այս ժողովը հաշուետու ըլլալէն բացի, եղաւ նաեւ ընտրական:
Նախքան իրենց աշխատանքներուն սկսիլը, ժողովականները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը անցեալի ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Յարութիւն Քէհէեանին, որ նախանցեալ ուրբաթ մահացած էր:
Ապա անոնք սկսան օրակարգին վրայ եղող հարցերուն քննարկումին:
Իր խօսքին մէջ, ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան անդրադարձաւ քանի մը կարեւոր խնդիրներու, որոնց կարգին` հայկական ֆութպոլի ենթակառոյցին զարգացման, մանկապատանեկան ակումբի ֆութպոլի խնդիրներուն, ազգային հաւաքականին հետ կապուած շարք մը հարցերու, որոնք իր պաշտօնավարութեան տարիներուն առաջնահերթ եղան:
Ապա բաց քուէարկութեամբ Ռուբէն Հայրապետեան միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ:
Նշենք, որ անոր անունը նախագահի պաշտօնին համար առաջադրած էին ֆետերասիոնին անդամ 8 ակումբներ:
Այս 13-րդ ժողովին աւարտին Ռուբէն Հայրապետեան պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն:
Ան մասնաւորաբար շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները, հաւաքականին մարզիչը պէտք է ըլլայ հայ, որովհետեւ միայն ու միայն հայը կրնայ մտածել, որ հաւաքականը ինչո՛ւ կը խաղայ եւ այդ ոգեւորութիւնը որո՛ւ համար պիտի ըլլայ:
Հայրապետեան խոստացաւ, որ մօտիկ ժամանակին պիտի յայտարարէ, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ հաւաքականին գլխաւոր նոր մարզիչը:


