Նախորդ շաբաթավերջին Սերպիոյ մէջ սկսան Եւրոպայի սամպոյի պատանեկան եւ երիտասարդական ախոյեանութեան մրցումները:
Մրցաշարքին առաջին օրը, Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներէն չորսը տիրացան մետալի:
Վոլոդիա Սարգսեան (62 քկ) եւ Միշա Նազարեան (82 քկ) տիրացան արծաթ մետալի, իսկ Դանիէլ Գաբրիէլեան (60 քկ, պատանեկան) եւ Արման Նիազեան (48 քկ)` պրոնզ մետալի:
Պարգեւատրման ընթացքին տեղի ունեցաւ զաւեշտալի դէպք մը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Երիտասարդներու, 62 քկ դասակարգի ախոյեան հանդիսացած Քամրան Ասքարովի պարգեւատրման ժամանակ, Ազրպէյճանի քայլերգին փոխարէն հնչեց Հայաստանի պետական օրհներգը:
Թիւրիմացութիւնը շտկուեցաւ քայլերգին հնչեցումին սկսելէն քիչ ետք…