Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահճուբեան Ներկայացուցած Է Տաւութօղլուի Խորհրդականի Պաշտօնէն Արձակուելու Պատճառները

April 21, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-20-15_MahcypyanԹուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնէն վերջերս արձակուած Էթիեն Մահճուբեան թրքական «Ռեսմի կազեթէ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է արձակման պատճառներուն` հերքելով այն տեղեկութիւնները, թէ ատոր պատճառը Հայոց ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւններն են:

«Պաշտօնական հոլովոյթ էր` տարիքով պայմանաւորուած, պէտք էր թոշակի անցնէի», ըսած է Մահճուբեան` նշելով, որ հակառակ անոր, որ ինքը կ՛ըսէ, որ 1915-ին ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, սակայն «հայերը, հակառակ ատոր, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մղած ժողովրդավարական պայքարին աջակցած են»:

«Մենք այդ պայքարին մէջ` իբրեւ հայ, կատարած ենք կարելին: Փտածութեան գայթակղութեան պնդումներուն ընտրողներու 70 առ հարիւրը հաւատաց, սակայն մենք` ոչ, մենք անոնց կողքին էինք», ըսած է Մահճուբեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք բոլոր հայերը կը զօրակցի՞ն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, Մահճուբեան ըսած է. «Օրինակ` ինծի պէս, Մարգար Եսայեանի (յառաջիկայ ընտրութիւններուն մէջ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչ հայ թեկնածուն) պէս հայրենասէր քաղաքացիները միշտ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողքին եղած են: Սակայն դժբախտաբար, բոլորը մեզի պէս չեն: Թուրքերուն մէջ ալ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ձայն տուողներ կան, հայերուն շարքին ալ կան, սակայն որ կողմէն ալ նայիս` 70 առ հարիւրը կը քուէարկեն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան օգտին», կ՛ըսէ ան:

Ի դէպ, Մահճուբեան հարցումին անդրադարձած է նաեւ իր վերջին յօդուածին մէջ, ուր խօսած է յայտարարութիւններու համար իր դէմ ուղղուած մեղադրանքներու մասին:

«Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տեսակէտս յստակ էր` տարիներ շարունակ գրածներովս ու ըսածներովս: Եթէ ձեզի կը հետաքրքրէ, թէ ես վարչապետին խորհուրդ պիտի տայի՞ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, կը պատասխանեմ… Եթէ ես վարչապետ ըլլայի, Ցեղասպանութիւնը չէի ճանչնար, որովհետեւ վարչապետի առաջնահերթութիւնը այսօրուան քաղաքացիներու խնդիրները լուծելն է, զանոնք անորոշութեան փապուղի մտցնել կարելի չէ», գրած է ան:

 

Նախորդը

Քաղուացք` Թրքական Մամուլէն

Յաջորդը

Տաւութօղլու Ապրիլքսանչորսեան Ուղերձը Չի Բացառեր

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.