Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռիատի Պէյրութ 59-36 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ (15-8, 31-17, 42-22 եւ 59-36) եւ 3-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Անդրանիկ Պէյրութը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Անիկա աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
Նշենք, որ առաջին մրցումին Ռիատի 67-22 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ երկրորդին` 60-42 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այս երրորդ մրցումին ամէնէն շատ կէտը (16) նշանակեց Նարինէ Կէօքճեան (Անդրանիկ), ապա` Ռեպեքա Աքըլ (15):