
Շաբաթ, 18 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ – Սաժես 4-րդ մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի` քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Սաժես կէտի մը տարբերութեամբ` 69-68 արդիւնքով (10-26, 33-39, 51-57 եւ 68-69) յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 3-1 արդիւնքով գերազանցելով ՀՄԸՄ-ը, ապահովեց «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն իր տոմսը:
Դաշտը ամբողջութեամբ ՀՄԸՄ-ի համակիրներով լեցուած էր: ՀՄԸՄ-ի տղաքը յաջողեցան սքանչելի եւ բացառիկ մրցում մը ներկայացնելով 16 կէտի ուշացումը (առաջին քորթըրին) հետզհետէ նուազեցնել եւ մրցումին աւարտէն 5 երկվայրկեան առաջ կէտի մը առաւելութիւն ունենալ:

Սակայն, պատահեցաւ անսպասելին եւ Սաժես երկու կէտնոց կողով մը նշանակելով տարաւ վերջնական յաղթանակը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով ՀՄԸՄ-ը:
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ այս տարեշրջանին ունեցաւ սքանչելի ներկայացումներ եւ կատարեց բացառիկ մրցումներ` մեծ տպաւորութիւն ձգելով լիբանանեան պասքեթպոլասէր համակիրներուն մօտ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն
դաշտ ներկայացած ժամանակը` անոնց նշանակած կէտերով.
Տիոն Տիքսըն (39′ 34″, 26 կէտ, 4 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (30′ 58″, 9 կէտ, 7 ռիպաունտ), Մայքըլ Ֆրէյզըր (40′ 00″, 15 կէտ, 13 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (16′ 16″, 2 կէտ, 2 ռիպաունտ), Ճիմի Սալեմ (33′ 10″, 7 կէտ, 5 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (40′ 00″, 9 կէտ, 9 ռիպաունտ):
Իսկ Սաժեսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տեսմըն Փենիկար (36′ 33″, 16 կէտ, 8 ռիպաունտ), ապա` Էլի Սթեֆան (30′ 39″, 15 կէտ 5 ռիպաունտ):
Օրուան իրաւարարներն էին Փոլ Սքայեմ, Ռապպահ Նժէյմ եւ Թոնի Խուրի: