Իր լուրը քաղելով Արարատի պաշտօնական կայքէն, ArmSport.am յայտնեց, որ ակումբը գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը վստահեցաւ Վարուժան Սուքիասեանին:
Նախապէս ան Արարատի գլխաւոր մարզիչն էր 2006-2008 ժամանակահատուածին: Անոր գլխաւորութեամբ, խումբը դարձաւ 2008-ի Հայաստանի բաժակակիր եւ ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր:
Նշենք, որ 58 տարեկան մասնագէտը նախապէս գլխաւորած է Հայաստանի ազգային եւ երիտասարդական հաւաքականները, Պէյրութի ՀՄՄ-ը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ խումբեր, որոնց կարգին` Բանանց, Կոտայք, Սպարտակ, Իմփուլս, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am-ը: