Նախապէս հաղորդած էինք, որ Հայկազեան համալսարանը վերջերս իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եուրօ – Վալենսիա 2015-ի միջհամալսարանական միջազգային մրցաշարքին:
Սպանիոյ մէջ Հայկազեան համալսարանի ուսանողները արձանագրեցին բաւական տպաւորիչ եւ փայլուն արդիւնքներ:
Հայկազեան համալսարանի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը հանդիսացաւ մրցաշարքի ախոյեան` արձանագրելով սքանչելի արդիւնքներ:
Ասիկա կը նկատուի բացառիկ իրագործում մը` նկատի ունենալով, որ նախապէս խումբը երբեք տիտղոսի չէր տիրացած:
Թենիսի մրցաշարքին Մոհամետ Թանիր դարձեա՛լ յաջողեցաւ ինքզինք պարտադրել եւ տիրանալ երկրորդ դիրքին: Ան 5 մրցում յաղթելով, հասաւ աւարտական, ուր պարտուեցաւ 3 ժամ տեւած պայքարէ մը ետք: Նախապէս որեւէ մրցում այդքան երկար չէր տեւած:
Ինչ կը վերաբերի փինկ փոնկի աղջկանց մրցաշարքին, Ռուտէյնա Պու Շահին, իր կարգին, տպաւորիչ մրցումներ կատարելով եւ շարք մը յաղթանակներ արձանագրելով` գրաւեց 3-րդ դիրքը:
Նախապէս կայացած փինկ փոնկի մրցաշարքերուն Հայկազեան չէր յաջողած մետալի տիրանալ միջազգային գետնի վրայ:
Շնորհաւորելի են Հայկազեան համալսարանին արձանագրած այս փայլուն արդիւնքները: Փաստօրէն, բոլոր մարզիկներն ու ուսանողները բարձր պահեցին իրենց համալսարանին անունը: