
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 25 ապրիլին, Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես – Պիպլոս առաջին մրցումը:
Դաշտին տէրը` Սաժես, կրեց այս տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, երբ 76-67 արդիւնքով (15-26, 34-40, 52-59 եւ 67-76) տեղի տուաւ իր հիւրին դիմաց:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պիպլոսի մարզիկ Ռաթքօ Վարտա (21 կէտ, 13 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Ճեսմընտ Եանկպլատ` 20 կէտ:
Սաժեսէն Թերենս Լիթըր (նախապէս` ՀՄԸՄ) նշանակեց 16 կէտ եւ 7 ռիպաունտ, իսկ Էլի Ռըսթոմ` 13 կէտ եւ 10 ռիպաունտ:
Երկու խումբերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 30 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Ժիպէյլի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, Ռիատի, որ իր կատարած առաջին մրցումին 113-69 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլին, երէկ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրը եղաւ Շանվիլի:
Այս երկրորդ մրցումը աւարտեցաւ Շանվիլի յաղթանակով` 96-88 արդիւնքով (25-24, 45-46, 80-69 եւ 96-88), ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Ռիատի կրէ այս տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը:
Ռիատիէն մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Իսմայիլ Ահմետ (23 կէտ, 11 ռիպաունտ), իսկ անոր ետին 22 կէտ նշանակեց Նատիմ Սուէյտ (Շանվիլ):
Անոնց միջեւ 3-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 1 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:50-ին Մանարայի մէջ: