
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Ժիպէյլի մէջ տեղի ունեցաւ Պիպլոս – Սաժես երկրորդ մրցումը:
Պիպլոս, որ իր կատարած առաջին մրցումին 76-67 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ եւս յաղթանակ մը արձանագրելով 2-0 արդիւնքով գերազանցեց Սաժեսը: Անոնց միջեւ երրորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ վաղը` շաբաթ, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, Ղազիրի մէջ:
Նշենք, որ երէկուան մրցումին, Պիպլոս իր այս յաղթանակը արձանագրեց 84-65 արդիւնքով (18-15, 37-28, 59-47 եւ 84-65):
Պիպլոսի եւ մրցումին աստղը հանդիսացաւ Ճեսմընտ Եանկպլատ, որ նշանակեց 31 կէտ:
Սաժեսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էլի Ռըսթոմ (16): Անոր խմբակից Հայկ Կէօքճեան նշանակեց 14 կէտ:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 17:50-ին, Ռիատի Պէյրութ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Շանվիլը` 3-րդ մրցումին:
Այժմ անոնց միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ: