Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցած Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Բ. դասակարգի Լեռնալիբանանի նահանգի ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան վերջին ճակատումները:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 30 խումբեր, բաժնուած` 8 խմբակներու:
Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքերը գրաւողները ապահովեցին Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը, ապա մէկ խմբակի դրութեամբ մրցումներ կատարեցին իրարու դէմ:
Ապահովելով 10 կէտ եւ առանց պարտութիւն կրելու, Անդրանիկ Անթիլիաս գրաւեց առաջին դիրքը:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ:
Ապա անոնց ետին 4-էն 8-րդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին` Շեպիպեթ Ամիլա – Ֆըրն Շըպպեք, Շապապ Զուք Մոսպեհ, Ֆրեր Պէյթ Մերի, Հուփս – Պիր Հասան եւ Պիպլոս Ժիպէյլ:
Նշենք, որ առաջին հինգ դիրքերը գրաւող խումբերը ապահովեցին Լիբանանի նահանգային ախոյեանութեան հանգրուանին իրենց տոմսերը: