Շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 35-րդ հանգրուանի ճակատումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը` Չելսի, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 80 կէտ, 13 կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ Մանչեսթըր Սիթին (2-րդ) եւ Արսենալը (3-րդ), որոնք ունին 67-ական կէտ:
Չելսի, որ կիրակի, 3 մայիսին պիտի հիւրընկալէ Քրիսթալ Փալասը, յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային պիտի հանդիսանայ Անգլիոյ ախոյեան: