ArmSport.am` մէջբերելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած լուրը, յայտնեց, որ անոր գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ակումբներուն արտօնագրման համակարգի, արտօնագրման կոմիտէին հերթական նիստը:
Այդ նիստին ընթացքին Փիւնիկ, Շիրակ, Միքա, Բանանց, Գանձասար, Արարատ, Ուլիս եւ Ալաշկերտ, ներկայացուցած էին իրենց փաստաթուղթերը, որպէսզի կարենան ստանալ արտօնագիրներ մասնակցելու «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 2015-2016 տարեշրջանի ակումբներու մրցաշարքին:
Լաւապէս քննուելէ ետք անոնց ներկայացուցած փաստաթուղթերը, բարձրագոյն դասակարգի այդ խումբերը ստացան իրենց արտօնագիրները: