Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի շաբաթ, 2 մայիսին, «Փիթ Սթափ»-ի վազքուղիին վրայ (Զուք Մոսպեհ) տեղի կ՛ունենան Լիբանանի Քարթինկի 2015-ի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները` տարբեր դասակարգերու մէջ:
Մրցումները կը սկսին առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի կ՛աւարտին ժամը 14:00-ին:
Նշենք, որ մրցումներուն աւարտէն անմիջապէս ետք տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ: