Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆոր-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 30 ապրիլին, տեղի կ՛ունենայ Պիպլոս – Սաժես մրցումը, Ժիպէյլի մէջ, ժամը 17:30-ին:
Հաղորդած էինք, որ երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին մրցումին Պիպլոս` 76-67 արդիւնքով, յաղթանակ մը արձանագրեց, Ղազիրի մէջ:
Ասկէ մեկնելով` Սաժես իր կարելին պիտի ընէ յաղթանակ մը արձանագրելու համար, որպէսզի արդիւնքը հաւասարեցնէ:
Նշենք, որ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը վաղը` ուրբաթ, 1 մայիսին, իրարու դէմ պիտի հանէ Ռիատի Պէյրութը եւ Շանվիլը, Մանարայի մէջ, ժամը 17:50-ին: Անոնց միջեւ այժմ արդիւնքը 1-1 հաւասարութիւն է: