Իր լուրը քաղելով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութենէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը երէկ հաղորդեց, որ օր մը առաջ, ուշ երեկոյեան, իր մահկանացուն կնքեց նախկին Խորհրդային Միութեան վաստակաւոր վարպետ եւ վաստակաշատ մարզիչ Վարդան Միլիտոսեան: Ան վերջին շրջանին ծանր հիւանդ էր:
Միլիտոսեան 1976-ին եւ 1978-ին հանդիսացած է Եւրոպայի ծանրաբարձութեան կրկնակի ախոյեան, նոյն այդ տարիներուն` աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ կրկնակի մետալակիր, 1976-ին` ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր:
Նշենք, որ ան 1980-ին անցած էր մարզիչի ասպարէզ` մարզելով իր եղբօրորդին` ողիմպիական ախոյեան Իսրայէլ Միլիտոսեանը: