Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.»  Օքլահոմա Հասաւ Աւարտական

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Հասաւ Աւարտական

«Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական տարեշրջանի լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած խումբը` Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, երէկ իր դաշտին վրայ կրցաւ 125-93 արդիւնքով պարտութեան մատնել Տենվըր Նակեթցը եւ հասնիլ Արեւմտեան շրջանի աւարտական: 7-րդ ճակատումին, Շէյ Կիլճիըս - Ալեքսանտր եւ ընկերներ կրցան դուրս ձգել 2023-ի ախոյեան Նիքոլա Եոքիչի Տենվըր Նակեթցը, որ միայն առաջին մասին կրցաւ քիչ մը տիրապետել: Շէյ 35 կէտ նշանակեց, իսկ Ճէյլըն Ուիլիամս...

Ֆորմիւլա 1.  Վերշթափըն Շահեցաւ Իմոլայի Կրան Փրին

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Շահեցաւ Իմոլայի Կրան Փրին

Կիրակի օր, վերջին 4 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն փաստեց, որ առիթ պիտի չտայ Օսքար Փիասթրիին եւ «Մաքլարեն»-ին` դիւրութեամբ դառնալու աշխարհի ախոյեան: Արդարեւ, Վերշթափըն վերջ տուաւ Փիասթրիի յաջորդական 3 յաղթանակներու շարքին` շահելէ ետք Էմիլիա Ռոմանիա շրջավազքին վրայ` գերազանցելով Փիասթրիին մրցումի առաջին շրջանէն իսկ: Փիասթրի եւ իր խմբակից Լանտօ Նորիս, որոնց «Մաքլարեն» ինքնաշարժները լաւագոյնն էին այս տարեշրջանի սկիզբէն, չկրցան հասնիլ Վերշթափընի...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր ժամը 20:30-ին Մանարայի դաշտին վրայ կը սկսի 2024-2025 տարեշրջանի աղջկանց պասքեթպոլի աւարտական ճակատումներու շարքը` Ռիատիի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջեւ: Երկու խումբերը բնական ախոյեանութեան երկու անգամ մրցած են իրար դէմ, ուր Ռիատի երթին իր դաշտին վրայ 99-60 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր, որմէ ետք մարզիչն ու մէկ օտար մարզիկը փոխարինուած էին այժմու մարզիչ Ժիլպեր Սալիպայով եւ Ճիլիըն Արչըրով: Ճիլիըն...

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ – Անդրանիկ 1-0

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ – Անդրանիկ 1-0

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկը: Մրցումին միակ կոլը 16-րդ վայրկեանին նշանակեց խմբապետ Մոհամետ Ապտել Սաթեր, որ սակայն վիրաւորուեցաւ եւ 10 վայրկեան ետք փոխարինուեցաւ: Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ, եւ յաջորդաբար 3-րդ մրցումը ըլլալով միջնապահ Աւագ Պալապանեան, որ խումբին փոխխմբապետն է, լաւագոյն մարզիկն էր դաշտին վրայ: Ալի Ապտալլա կորսնցուց քանի մը...

«Էն. Պի. Էյ.»  Նիւ Եորք Նիքս Դուրս Ձգեց  Ախոյեան Պոսթընը

«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Նիքս Դուրս Ձգեց Ախոյեան Պոսթընը

Անցեալ տարուան «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս 119-81 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նիւ Եորք Նիքսէն, այս վերջինիս Մետիսըն Սքուեր Կարտընին մէջ, եւ դուրս մնաց: Ճէյլըն Պրանսըն եւ Նիւ Եորք Նիքս չտօնեցին Արեւելեան շրջանի աւարտականին հասնիլը, այլ պարզապէս զայն քայլ մը նկատեցին եղանակին, որ տակաւին չէ հասած իր աւարտին: Բայց ասիկա համակիրներուն համար չէր, որոնք հազարներով երգեցին ու պարեցին Նիւ...

Թայքուանտօ.  Ալեակ Սարգիս 2-րդ Դիրքը Գրաւեց

Թայքուանտօ. Ալեակ Սարգիս 2-րդ Դիրքը Գրաւեց

Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թայքուանտոյի ախոյեանութիւնը: Իր մասնակցութիւնը բերաւ լիբանանահայ Ալեակ Անասթաս Սարգիս, որ մաս կը կազմէ Նասր խումբին: 16 տարեկան Ալեակ իր կշիռի մրցումներուն գրաւեց Բ. դիրքը` առիթ տալով, որ իր ակումբն ալ գրաւէ ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը (253 կէտ) ախոյեան Ռիատ ակումբին (727 կէտ) ետին: Թաէֆի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Ֆահտ թագաւորի անուան համալիրին մէջ, ուր...

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7-0 Արդիւնքով Յաղթեց

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7-0 Արդիւնքով Յաղթեց

Երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան Բ. խմբակին գծով իր 4-րդ մրցումը կատարեց եւ 7-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Ուահտէ Շհիմի վրայ եւ 12 կէտերով կը գրաւէ խմբակի պարագլուխի դիրքը` հեռանալով իր մրցակիցներէն: 10-րդ վայրկեանին ՍերԺ Օսքեան նշանակեց Պուրճ Համուտի առաջին կոլը` Ալէքի եւ Եուսեֆի փոխանցումներէն ետք: 30-րդ վայրկեանին անցեալ տարուան Դ. դասակարգի կոլ-սքորըր Եուսեֆ Համատէ զօրաւոր հարուածով...

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Նուժումէն` 2-1 Արդիւնքով

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ – Անդրանիկ

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Անդրանիկի դէմ, Պէյրութի շրջանի 3-րդ շաբթուան մրցումներուն գծով: ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի փորձեն անպայման յաղթել` նկատի ունենալով, որ անցեալ մրցումին անոնք անակնկալ պարտութիւն մը կրած էին Նուժումի դէմ: Անդրանիկ իր վերջին մրցումին 5-0 արդիւնքով պարտուած էր Տինամօ Պէյրութէն: Անդրանիկ իր առաջին մրցումին 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր...

Պասքեթպոլ-Ուասլ.  Այսօր` Ռիատի – Ահլի Եւ Սաժես – Թապիաթ

Պասքեթպոլ-Ուասլ. Այսօր` Ռիատի – Ահլի Եւ Սաժես – Թապիաթ

Այսօր տեղի կ՛ունենայ Ուասլի (Ուեսթ Ասիա Սուփըր լիկ) կիսաւարտականի հանգրուանը, ուր լիբանանեան երկու ակումբներ հասած են եւ կրնան հասնիլ աւարտական: Անցեալ տարուան Ուասլի ախոյեան Ռիատի ժամը 17:45-ին պիտի մրցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շապապ Ահլիին դէմ, որմէ ետք ժամը 20:45-ին Սաժես պիտի մրցի Իրանի Թապիաթ խումբին դէմ: Անցեալ տարի Ռիատի կրցած էր յաղթել Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին Շապապ Ահլիին` այս վերջինիս...

Պարսելոնա 28-րդ Անգամ Ըլլալով  Շահեցաւ «Լա Լիկա»-ն

Պարսելոնա 28-րդ Անգամ Ըլլալով Շահեցաւ «Լա Լիկա»-ն

Այս տարեշրջանը Լամին Եամալի տարեշրջանն էր, որովհետեւ անոր կոլին շնորհիւ Պարսելոնա դարձաւ «Լա լիկա»-ի ախոյեան` իր պատմութեան մէջ 28-րդ անգամ ըլլալով: Սակայն Ռէալ Մատրիտ աւելի շահած է «Լա լիկա»-ն (36 անգամ): 17 տարեկան սպանացի աստղին կոլին շնորհիւ Պարսելոնա յաղթեց Քաթալոնիոյ տերպիին` Էսփանիոլի դէմ (2-0), 2 մրցակիցներ խաբելէ ետք գնդակը զետեղելով Էսփանիոլի բերդին վերի անկիւնը: Այս յաղթանակը ամբողջացուց Եամալի վերջին 10...

Ֆորմիւլա 1.  Վաղը` Իմոլայի Կրան Փրին

Ֆորմիւլա 1. Վաղը` Իմոլայի Կրան Փրին

Վաղը Իմոլայի մէջ (Իտալիա) տեղի կ՛ունենայ «Էմիլիա Ռումանիա» կրան փրին, որ կը նկատուի «Ֆեռարի»-ի «տան կրան փրին: Ինցօ եւ Տինօ Ֆեռարի շրջավազքին վրայ ժամը 16:00-ին տեղի ունենալիք տարեշրջանի 7-րդ կրան փրիին անգամ մը եւս կը սպասուէր, որ «Մաքլարեն» լաւ ելոյթ մը ունենայ: Մայեմիի վերջին կրան փրիին «Մաքլարեն» 1-2 դիրքերը գրաւելով լայն առաւելութիւն ունէր «Մերսետես»-ի վրայ, որ գրաւած էր 3-րդ դիրքը:...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տենվըր – Օքլահոմա 119-107

«Էն. Պի. Էյ.» Տենվըր – Օքլահոմա 119-107

Երէկ տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտականի 6-րդ ճակատումը` Տենվըր Նակեթցի եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի միջեւ: Օքլահոմա, որ բնական ախոյեանութեան լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրած խումբն էր, 3-2 արդիւնքով կը յառաջանար եւ 1 յաղթանակի պէտք ունէր հասնելու աւարտական, իր մրցակիցի մը դէմ, որ 2023-ի ախոյեանն էր: Ժամալ Մարէյ իր հիւանդութիւնը մոռնալով իր խումբը առաջնորդեց յաղթանակի` նշանակելով իր 25...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հասաւ Աւարտական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հասաւ Աւարտական

40 վայրկեան տաժանակիր աշխատանքէ ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կրցաւ յաղթել Ազուրին 74-71 արդիւնքով եւ հասաւ աւարտական: 4-րդ ճակատումի մրցումին հերոսը` Տանիելլա Ֆայյատ, անբախտ էր եւ 3 վայրկեան չխաղցած ծունկը վիրաւորելով դուրս եկաւ դաշտէն: Յոյսով, որ անոր վերադարձով աւարտական մրցումը` Ռիատիին դէմ, հաւասարակշռուած ըլլայ: Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լաւ ձեւով սկսաւ եւ առաջին 2 վայրկեաններուն 7-3 արդիւնքով կը յառաջանար,...

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն  Վաղը` ՀՄԸՄ – Անդրանիկ

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն Վաղը` ՀՄԸՄ – Անդրանիկ

Նկատի ունենալով Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները, ֆութպոլի Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի 3-րդ շաբթուան մրցումները տեղի պիտի ունենան վաղը: ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին Անսարի դաշտին վրայ պիտի մրցի Անդրանիկի դէմ: ՀՄԸՄ-էն կը սպասուի անպայման յաղթանակ արձանագրել` նկատի ունենալով, որ յաղթանակով սկսելէ ետք ախոյեանութիւնը, անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր Նուժումէն` իր երկրորդ մրցումին (2-1): Անդրանիկ Նուժումի հետ 3-3 արդիւնքով...

2027-ի Պասքեթպոլի Մոնտիալի Զտում.  Լիբանան Դ. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ

2027-ի Պասքեթպոլի Մոնտիալի Զտում. Լիբանան Դ. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ

Քանի մը օր առաջ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի 2027-ի մոնտիալի Ասիոյ զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան, Լիբանանի ազգային խումբը մաս պիտի կազմէ Դ. խմբակին` իրեն հետ ունենալով Սէուտական Արաբիան, Հնդկաստանը, ինչպէս նաեւ Քաթարը: Մոնտիալի կամ աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումները կը սկսին, երբ 4 խմբակներու բաժնուած 16 խումբերը երթուդարձի դրութեամբ իրարու դէմ կը ճակատին, որմէ ետք առաջին երեք...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին  Ընտրութիւնները` 21 Յունուարին

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէ. Այսօր Ընդհանուր Ժողով` Ընտրելու Նոր Դիւան

Այսօր Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէն իր նախագահ Պութրոս Ժալխի գլխաւորութեամբ պիտի կատարէ արտակարգ նիստ մը, ուր պիտի ընտրուի վարչութեան նոր դիւան մը: Ժողովը տեղի կ՛ունենայ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ողիմպիականի Հազմիէի կեդրոնին մէջ:  

«Էն. Պի. Էյ.»  Մինեսոթա Յաջորդական Երկրորդ  Տարին Ըլլալով Հասաւ Աւարտական

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա Յաջորդական Երկրորդ Տարին Ըլլալով Հասաւ Աւարտական

Մինիափոլիսի մէջ երէկ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ կրցաւ 5-րդ ճակատումին յաղթել Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին եւ հասնիլ Արեւմտեան շրջանի աւարտական մրցում: Ճուլիըս Ռենտըլ 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որ 121-110 արդիւնքով յաղթեց առանց Սթեֆ Քըրրիի Ուորիըրզին: Անթոնի Էտուրտծ 22 կէտ եւ 12 էսիսթ կատարեց ի նպաստ թիւ 6 դասուած Վուլվզի, որ աւարտականին պիտի մրցի Տենվըր - Օքլահոմա ճակատումի յաղթականին դէմ: Պրենտըն Փոծիմսքի...

Պոլոնիա Շահեցաւ Իտալիոյ Բաժակը

Պոլոնիա Շահեցաւ Իտալիոյ Բաժակը

Չորեքշաբթի գիշեր Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ այս տարեշրջանի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը` Հռոմի մէջ, ուր 68 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Պոլոնիա 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ա. Սէ. Միլանին, շահեցաւ տիտղոսը: Իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով Պոլոնիա կրցաւ դառնալ բաժակակիր (1974-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով), մինչ Միլան 2003-էն ի վեր ձախողած է շահիլ այս տիտղոսը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց զուիցերիացի...

Նշմար.  Ամէն Ինչ Դրամ Չէ, Բայց…

Նշմար. Ամէն Ինչ Դրամ Չէ, Բայց…

ԿԱՐՕ Կ. Տարիներէ ի վեր կը տեսնենք եւ կը լսենք, թէ որքա՛ն դժուար է պահել մարզական ակումբ մը միշտ բարձր մակարդակի վրայ ըլլայ Լիբանանի մէջ թէ այլուր: Մենք գիտենք, որ պէտք է միշտ այդ խումբերէն ըլլանք, եւ կարծէք այդպէս պէտք է ըլլանք, որովհետեւ մենք տարբեր ենք: Այս զգացումը բնական է եւ մարդկային: Սխալ չէ, ամէն մարդ աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ...

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի  Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ուըհտէ Շհիմ

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ուըհտէ Շհիմ

Ֆութպոլի Լեռնալիբանանի չորրորդ դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը իր չորրորդ մրցումը կը կատարէ Ուըհտէ Շհիմին դէմ: Մրցումը տեղի կ՛ունենայ Անսարի դաշտին վրայ, հինգշաբթի, 15 մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին: Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայ գտնուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել իրենց խումբը: Փոխադրակառքեր տրամադրուած են երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի հրապարակէն:  

Page 122 of 1275 1 … 121 122 123 … 1,275

Արխիւներ