Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆորմիւլա 1. Վաղը` Իմոլայի Կրան Փրին

May 17, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղը Իմոլայի մէջ (Իտալիա) տեղի կ՛ունենայ «Էմիլիա Ռումանիա» կրան փրին, որ կը նկատուի «Ֆեռարի»-ի «տան կրան փրին:

Ինցօ եւ Տինօ Ֆեռարի շրջավազքին վրայ ժամը 16:00-ին տեղի ունենալիք տարեշրջանի 7-րդ կրան փրիին անգամ մը եւս կը սպասուէր, որ «Մաքլարեն» լաւ ելոյթ մը ունենայ:

Մայեմիի վերջին կրան փրիին «Մաքլարեն» 1-2 դիրքերը գրաւելով լայն առաւելութիւն ունէր «Մերսետես»-ի վրայ, որ գրաւած էր 3-րդ դիրքը:

Օրեր առաջ «Ֆորմիւլա 1»-ի այս տարեշրջանի 3-րդ վարորդի փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ, երբ արժանթինցի Ֆրանքօ Քոլափինթօ փոխարինեց Ճեք Տուհընը, որ Ալփինի հետ նախկին 6 մրցումներուն որեւէ կէտ չէր կրցած ձեռք ձգել:

Անցեալ տարի «Ուիլիամս»-ի հետ վերջին կրան փրիներուն մասնակցելէ ետք, Քոլափինթօ միացած էր «Ալփին»-ի` իբրեւ պահեստի վարորդ: Այժմ Հերթը իրն է փաստելու ինքզինք, եւ ան ունի առնուազն 5 կրան փրիներ` սկսելով եւրոպական մրցումներու առաջինէն` վաղը Իտալիոյ մէջ:

Անցեալ տարի, աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն կրցած էր շահիլ ետին ձգելով «Մաքլարեն»-ի Լանտօ Նորիսը, որ շատ առիթով փորձեց անցնիլ, բայց կարելի չեղաւ մինչեւ կրան փրիի աւարտը:

Առաջին անգամ Իմոլայի մէջ կրան փրի կատարուած է 1980-ին: Շրջավազքի երկայնքը 4,9 քիլոմեթր է, եւ շրջավազքի մրցանիշը կը պատկանի Լուիս Համիլթընի, որ 2020-ին 1 վայրկեան 15.484 երկվայրկեան ժամանակ արձանագրած է: 7 անգամ շահած է Միքայէլ Շումախըր, եւ մրցանիշը իրեն կը պատկանի:

75 տոկոս արկածներու վտանգ կայ` նկատի ունենալով, որ արագ կրան փրի է: Ամէնէն շատ 45 առիթով մրցակիցներ իրար գերազանցած են 2024-ի կրան փրիին, բան մը, որ այժմէն իսկ հետաքրքրական կրնայ թուիլ:

Այժմ Օսքար Փիասթրի, որ 4 յաջորդական կրան փրիներ շահեցաւ, առաջին դիրքը կը գրաւէ (131 կէտ), 16 կէտի առաելութիւն ունի իր խմբակից Նորիսի վրայ, մինչ վերջին տարիներուն ախոյեան Մաքս Վերշթափըն 99 կէտով 3-րդ դիրքը կը գրաւէ:

Թէ Վերշթափընի փոլ փոզիշըն շահիլը Մայեմիի մէջ փաստ մըն է, որ «Ռետ Պուլ» այնքան ալ դանդաղ չէ, վաղը Իմոլայի մէջ տեսնենք:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տենվըր – Օքլահոմա 119-107

Յաջորդը

Պարսելոնա 28-րդ Անգամ Ըլլալով Շահեցաւ «Լա Լիկա»-ն

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթեց Եւ Բարձրացաւ Գ. Դասակարգ

September 26, 2026
Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն Համար`  600 Միլիոն Դրամ Վերակառուցելու «Հրազդան» Մարզադաշտը
Մարզական

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն Համար` 600 Միլիոն Դրամ Վերակառուցելու «Հրազդան» Մարզադաշտը

September 26, 2026
Պասքեթպոլ.  Եուրա Մելիքեան Միացաւ «Պոթեւ 2012»-ի
Մարզական

Պասքեթպոլ. Եուրա Մելիքեան Միացաւ «Պոթեւ 2012»-ի

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.