Այսօր ժամը 20:30-ին Մանարայի դաշտին վրայ կը սկսի 2024-2025 տարեշրջանի աղջկանց պասքեթպոլի աւարտական ճակատումներու շարքը` Ռիատիի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջեւ:
Երկու խումբերը բնական ախոյեանութեան երկու անգամ մրցած են իրար դէմ, ուր Ռիատի երթին իր դաշտին վրայ 99-60 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր, որմէ ետք մարզիչն ու մէկ օտար մարզիկը փոխարինուած էին այժմու մարզիչ Ժիլպեր Սալիպայով եւ Ճիլիըն Արչըրով: Ճիլիըն վստահաբար Լիբանանի լաւագոյն օտար մարզիկներէն մէկն է:
Ֆայնըլ 4-ի մրցումներէն առաջ Ճաքայրա Էլըն իր կարգին փոխարինուած էր բաւական փոքր կազմ ունեցող Մարթա Պըրսով, որ 1 մեթր 68 սմ հասակով շատ լաւ մարզիկ մըն է, որ ճկուն եւ արագ խաղով կը շուարեցնէ իր մրցակիցները:
Ժիլպեր Սալիպայի հետ ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր բոլոր մրցումներուն ալ յաղթած էր մինչեւ ֆայնըլ 4, ուր Ազուրի դէմ 2 պարտութիւններ կրեց, բայց 3 յաղթանակներ արձանագրելով հասաւ աւարտական:
Ռիատի իր կարգին կը մրցէր Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ բայց վստահաբար Պէյրութ այդ զօրաւոր մրցակիցը չէր եւ 3-0 արդիւնքով դուրս մնաց:
Ռիատի իր կարգին լաւ օտար մարզիկներ ունի եւ վստահած է բարձրահասակ մարզիկներու: Ֆայնըլ 4-էն առաջ ձեռք ձգած ամերիկացի Սետոնա Փրինս 2 մեթր հասակ ունի, մինչ Քիյոնչէ Քարթըր 1,83 մեթր է: Ռիատի արդէն իսկ բարձրահասակ լիբանանցիներ ալ ունի, իրենց խաղարկութեամբ յայտնի են Շերին Շրէյֆ (1,84 մեթր), Ռիմ Ղալի (1,81 մեթր), Մէյկըն Նաասան (1,80)` առանց մոռնալու Լիբանանի լաւագոյն մարզիկ Ռեպեքա Աքըլը եւ ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկներէն Մեղրի Թորոսեանը:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ այս տարի շատ լաւ ձեւով պատրաստած էր իր խումբը, դժբախտաբար պիտի չկարենայ օգտուիլ Քարմէն «Կապի» Սաատէն, որ Ազուրի դէմ վերջին մրցումին ձեռքը կոտրած էր:
Դրական լուր մը կայ, թէ Տանիելլա Ֆայյատ կրնայ մասնակցիլ այս մրցումին, հակառակ անոր որ Ազուրի դէմ 5-րդ ճակատումի 2-րդ վայրկեանէն մրցումը կիսատ լքած էր ծունկի ցաւ ունենալուն պատճառով:
Յոյսով, որ Մարթա, Ճիլիըն, Փերլա, Տանիելլա, Փաթիլ, Եաշա, Նարինէ, Ալիք եւ բոլոր մարզիկները տան իրենց առաւելագոյնը` լաւ ձեւով սկսելով աւարտականը: Անհատաբար կրնայ ըլլալ Ազուր աւելի լաւ մարզիկներ ունէր, բայց բոլոր մրցակիցներուն դէմ ալ կրցած ենք յաղթել: Ինչպէս դարձին 77-73 արդիւնքով յաղթեց Մըզհերի մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կրնայ յաղթել նոյնիսկ Մանարայի մէջ: