Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա Յաջորդական Երկրորդ Տարին Ըլլալով Հասաւ Աւարտական

May 16, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինիափոլիսի մէջ երէկ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ կրցաւ 5-րդ ճակատումին յաղթել Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին եւ հասնիլ Արեւմտեան շրջանի աւարտական մրցում:

Ճուլիըս Ռենտըլ 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որ 121-110 արդիւնքով յաղթեց առանց Սթեֆ Քըրրիի Ուորիըրզին:

Անթոնի Էտուրտծ 22 կէտ եւ 12 էսիսթ կատարեց ի նպաստ թիւ 6 դասուած Վուլվզի, որ աւարտականին պիտի մրցի Տենվըր – Օքլահոմա ճակատումի յաղթականին դէմ:

Պրենտըն Փոծիմսքի փլէյ-օֆի իր առաւելագոյն կէտերը նշանակեց 28 կէտերով, մինչ Ճոնաթըն Քամինկա պահեստի աթոռներէն իջնելով 26 կէտ աւելցուց, բայց պէտք է ըսել, որ քիչ մը ուշ էր այս ամէնը, երբ մրցումին սկիզբէն Ճիմի Պաթլըր եւ Պատի Հիլտ յաւելեալ օգնութեան պէտք ունէին իրենց խմբակիցներէն: Կոլտըն Սթէյթ միայն վերջին մասին է, որ կրցաւ լաւ խաղալ, երբ արդէն Մինեսոթա 25 կէտ առաւելութիւն ունէր:

Անցեալ տարուան ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս Թի. Տի. Կարտընի իր դաշտին վրայ ուրախ պահեց Մասաչուսեթսի համակիրները, երբ 5-րդ ճակատումին 2-րդ յաղթանակը արձանագրեց` պարտադրելով 6-րդ մրցում մը: Յաղթանակ մը եւս եւ Պոսթըն առիթ պիտի ունենայ հիւրընկալելու Նիւ Եորք Նիքսը իր դաշտին վրայ վերջին ճակատումին:

Պոսթըն Սելթիքս դաշտ չներկայացած Նիւ Եորքի դէմ յստակ հրահանգ ունէր մարզիչ Ճօ Մեզուլայէն… «Պարզապէս ամէն կողմէն հարուածեցէ՛ք» հրահանգը կարճ, բայց յստակ էր, եւ նոյնիսկ առանց «Օլ Սթար» Ճէյսըն Թէյթըմի, «կանաչ»-ները հարուածեցին եւ… յաջողեցան:

Տերեք Ուայթ 34 կէտ նշանակեց (7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ), մինչ Սելթիքս ընդհանուր 22 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց: Ճէյլըն Պրաուն (26 կէտ եւ 12 էսիսթ) եւ Փէյթըն Փրիչըրտ 17 կէտ (5 յաջող 3 կէտնոց կողով) փայլուն ելոյթ ունեցան:

Ճոշ Հարթ 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիւ Եորք Նիքսի, մինչ Ճէյլըն Պրանսըն 22 կէտ նշանակեց` կանուխ լքելով մրցումը… աւարտէն 7 վայրկեան առաջ կատարելէ ետք իր 6-րդ ֆաուլը:

Նիւ Եորք, որ մրցումին սկիզբը 9 կէտի առաւելութիւն ունէր, չկրցաւ դիմանալ Պոսթընի դիմաց, որ 28 կէտի ալ հասցուց իր առաւելութիւնը պահ մը:

Նախորդը

Պոլոնիա Շահեցաւ Իտալիոյ Բաժակը

Յաջորդը

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէ. Այսօր Ընդհանուր Ժողով` Ընտրելու Նոր Դիւան

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր  Մարզիկները Պատուեց
Մարզական

Հեծելարշաւ. Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր Մարզիկները Պատուեց

January 31, 2026
Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց  Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն
Մարզական

Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն

January 31, 2026
Ֆութսալ.  Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա
Մարզական

Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.