Քանի մը օր առաջ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի 2027-ի մոնտիալի Ասիոյ զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան, Լիբանանի ազգային խումբը մաս պիտի կազմէ Դ. խմբակին` իրեն հետ ունենալով Սէուտական Արաբիան, Հնդկաստանը, ինչպէս նաեւ Քաթարը:
Մոնտիալի կամ աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումները կը սկսին, երբ 4 խմբակներու բաժնուած 16 խումբերը երթուդարձի դրութեամբ իրարու դէմ կը ճակատին, որմէ ետք առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը կը հասնին յաջորդ հանգրուան (Քաթարի խմբակէն 2 լաւագոյն խումբերը):
Բ. հանգրուանին 12 խումբերը պիտի բաժնուին 2 խմբակներու, որոնք իրար դէմ երթուդարձի դրութեամբ պիտի մրցին:
Լաւագոյն 3 դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի հասնին մոնտիալին, ինչպէս նաեւ լաւագոյն 4-րդ դիրքը գրաւող խումբը, որ Քաթարի հետ պիտի ամբողջացնէ Ասիոյ 8 աթոռները:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 4 խմբակները.
Ա. ԽՄԲԱԿ
1.- Աւստրալիա
2.- Նոր Զելանտա
3.- Ֆիլիփեան կղզիներ
4.- Կուամ
Բ. ԽՄԲԱԿ
1.- Ճափոն
2.- Չինաստան
3.- Հարաւային Քորէա
4.- Չինական Թայփէ
Գ. ԽՄԲԱԿ
1.- Իրան
2.- Յորդանան
3.- Սուրիա
4.- Իրաք
Դ. ԽՄԲԱԿ
1.- Լիբանան
2.- Սէուտական Արաբիա
3.- Հնդկաստան
4.- Քաթար