Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թայքուանտոյի ախոյեանութիւնը:
Իր մասնակցութիւնը բերաւ լիբանանահայ Ալեակ Անասթաս Սարգիս, որ մաս կը կազմէ Նասր խումբին:
16 տարեկան Ալեակ իր կշիռի մրցումներուն գրաւեց Բ. դիրքը` առիթ տալով, որ իր ակումբն ալ գրաւէ ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը (253 կէտ) ախոյեան Ռիատ ակումբին (727 կէտ) ետին:
Թաէֆի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Ֆահտ թագաւորի անուան համալիրին մէջ, ուր Ալեակ իր բացառիկ ելոյթով հմայեց ներկաները:
Ըստ երեւոյթին շշուկներ կան, որ Ալեակ կրնայ հրաւիրուիլ սէուտական ազգային խումբ` դառնալով առաջին լիբանանահայ անդամը, որ կրնայ ներկայացնել… Սէուտական Արաբիան:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Ալեակին, դէպի յարատեւ վերելք: