Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Նիքս Դուրս Ձգեց Ախոյեան Պոսթընը

Մայիս 19, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ տարուան «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս 119-81 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նիւ Եորք Նիքսէն, այս վերջինիս Մետիսըն Սքուեր Կարտընին մէջ, եւ դուրս մնաց:

Ճէյլըն Պրանսըն եւ Նիւ Եորք Նիքս չտօնեցին Արեւելեան շրջանի աւարտականին հասնիլը, այլ պարզապէս զայն քայլ մը նկատեցին եղանակին, որ տակաւին չէ հասած իր աւարտին:

Բայց ասիկա համակիրներուն համար չէր, որոնք հազարներով երգեցին ու պարեցին Նիւ Եորքի եւ մանաւանդ Մետիսըն Սքուեր Կարտընի շուրջի թաղերուն մէջ:

25 տարիէ ի վեր Նիւ Եորք Նիքս չէր հասած Արեւելեան շրջանի աւարտական, որ վերջ դրաւ Պոսթըն Սելթիքսի յոյսերուն: Անցեալ տարի շահելէ ետք «Էն. Պի. Էյ.»-ը, կը կարծուէր, թէ Պոսթըն Սելթիքս սկսած է ախոյեանութիւններու շարքը, մանաւանդ որ ունի տաղանդաւոր մարզիկներու խմբակ մը, որ տարիներով կրնայ փայլիլ: Հաւանաբար Ճէյսըն Թէյթըմի բացակայութիւնն ալ իր դերը ունէր, որ Նիւ Եորք բաւական դիւրին կրցաւ յաղթել այս ճակատումին: Պրանսըն եւ Օ. Ճի. Անունոպի 23-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Նիքսի, որ աւարտականին պիտի մրցի Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ:

Ճէյլըն Պրաուն 20 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սելթիքսի, որ 4-րդ ճակատումին կորսնցուցած էր Թէյթըմը, բայց կը կարծէին, որ բաւարար մարդուժ ունէին հասնելու աւարտական: Բայց 3-րդ մասին, երբ Նիւ Եորքի առաւելութիւնը 41 կէտի հասաւ, Պոսթընի մարզիչ Ճօ Մեզուլա իր պահեստի մարզիկները ներկայացուց:

Ճէյլըն Պրաուն, Տերեք Ուայթ, Փէյթըն Փրիչըրտ բազմիցս փորձեցին 3 կէտնոց կողովներով մօտենալ, բայց ապարդիւն:

Քարլ-Անթոնի Թաունզ 21 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ճոշ Հարթ 10 կէտ եւ 11 ռիպաունտ աւելցուց Նիւ Եորքի հաշուոյն:

Թիւ 3 դասուած Նիւ Եորք իր դաշտին վրայ սկսելու առաւելութիւն ունի թիւ 4 դասուած Ինտիանայի վրայ:

 

 

Նախորդը

Թայքուանտօ. Ալեակ Սարգիս 2-րդ Դիրքը Գրաւեց

Յաջորդը

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ – Անդրանիկ 1-0

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Մայիս 19, 2025
Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ – Անդրանիկ 1-0
Մարզական

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ – Անդրանիկ 1-0

Մայիս 19, 2025
Թայքուանտօ.  Ալեակ Սարգիս 2-րդ Դիրքը Գրաւեց
Մարզական

Թայքուանտօ. Ալեակ Սարգիս 2-րդ Դիրքը Գրաւեց

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?