Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ամէն Ինչ Դրամ Չէ, Բայց…

May 15, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Կ.

Տարիներէ ի վեր կը տեսնենք եւ կը լսենք, թէ որքա՛ն դժուար է պահել մարզական ակումբ մը միշտ բարձր մակարդակի վրայ ըլլայ Լիբանանի մէջ թէ այլուր:

Մենք գիտենք, որ պէտք է միշտ այդ խումբերէն ըլլանք, եւ կարծէք այդպէս պէտք է ըլլանք, որովհետեւ մենք տարբեր ենք:

Այս զգացումը բնական է եւ մարդկային: Սխալ չէ, ամէն մարդ աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ այս ձեւով կը մտածէ:

Շատեր կ՛աշխատին այդ բանը իրականացնելու: Աշխատանքը միայն նուիրումով չէ, որ կ՛ըլլայ, այլ ամէն ձեւերով, թէ՛ նիւթական եւ թէ բարոյական:

Վերջերս կը կարդայի Իտալիոյ ֆութպոլի անցեալ տարուան ախոյեան Ինթեր Միլանի մարզիչ Սիմոնէ Ինցակիի մէկ հարցազրոյցը, ուր կարեւոր բան մը նկատեցի: Ան նշած էր, թէ Իտալիոյ մէջ ախոյեան դառնալը իր ձեռքը չէ, մանաւանդ որ մրցակից Նափոլի, որ 1 կէտ աւելի ունի, եթէ իր 2 մրցումներն ալ յաղթէ, պիտի դառնայ ախոյեան:

Մինչեւ հոս անբնական բան չկայ: «Ես դիտեցի Պարսելոնայի դէմ դարձի հանդիպումին տեսագրութիւնը, որովհետեւ հետաքրքրական էր տեսնել այդ մէկը այլ տեսանկիւնէ: Բոլոր ֆութպոլիստները իրենց ուժերը դաշտին մէջ ձգեցին: Միայն այդպէս կրնայինք աւարտական հասնիլ: Շատեր կ՛ըսեն, որ Ինթերի կազմը փոքր է, բայց մենք չունինք Փարիզ Սեն Ժերմենի, Մանչեսթըր Սիթիի կամ Պայերն Միւնիխի պիւտճէն: Այդ պատճառով մենք պէտք է աւելի կազմակերպուած ըլլանք: Այսպիսի սրտով կրնանք պայքարիլ բոլորին դէմ»:

Այս խօսքերը կարդալէ առաջ, այս իրականութիւնը զգացած էի գիշեր մը առաջ` պասքեթպոլի ՀՄԸՄ – Սանթրալ մրցումը դիտած պահուս:

Ախոյեան Ռիատի, փոխախոյեան Սաժես եւ Պէյրութ Ֆըրսթ ակումբները տղոց ախոյեանութեան համար երեւակայելի գումարներ ծախսած են (Աստուած թերեւս չի գիտեր ուրկէ)` հասնելով երկու միլիոն ամ. տոլարի, մինչ իրենց մէկ երրորդ պիւտճէով խումբեր` ՀՄԸՄ-ի նման, Հուփսի կամ Անթունիէ պէս սրտով կը պայքարին եւ նոյնիսկ անակնկալ գործելու պատրաստ են եւ կը չափուին այդ «մեծ»-երուն հետ:

Ճիշդ է, որ ամէն ինչ դրամ չէ, բայց քիչ մը դրամ եւ լաւ կազմակերպութիւն բաւարար կրնան ըլլալ բարձր դիրքերու վրայ մնալու:

 

 

Նախորդը

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ուըհտէ Շհիմ

Յաջորդը

Մաքրոն. «Ուքրանիան Կը Գիտակցի, Որ Չի Կրնար Վերադարձնել 2014-էն Ի Վեր Կորսնցուցած Բոլոր Տարածքները»

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.