Ֆութպոլի Լեռնալիբանանի չորրորդ դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը իր չորրորդ մրցումը կը կատարէ Ուըհտէ Շհիմին դէմ:
Մրցումը տեղի կ՛ունենայ Անսարի դաշտին վրայ, հինգշաբթի, 15 մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին:
Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայ գտնուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել իրենց խումբը:
Փոխադրակառքեր տրամադրուած են երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի հրապարակէն: