Շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկը:
Մրցումին միակ կոլը 16-րդ վայրկեանին նշանակեց խմբապետ Մոհամետ Ապտել Սաթեր, որ սակայն վիրաւորուեցաւ եւ 10 վայրկեան ետք փոխարինուեցաւ: Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ, եւ յաջորդաբար 3-րդ մրցումը ըլլալով միջնապահ Աւագ Պալապանեան, որ խումբին փոխխմբապետն է, լաւագոյն մարզիկն էր դաշտին վրայ:
Ալի Ապտալլա կորսնցուց քանի մը ոսկի առիթներ, որոնց հիմամբ արդիւնքը պէտք էր աւելի բարձր ըլլար:
Ի վերջոյ 3 կէտն էր կարեւորը, եւ տղաքը պայքարեցան մինչեւ վերջին սուլիչը:
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Պէյրութ Ֆ. Ք.: