«Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական տարեշրջանի լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած խումբը` Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, երէկ իր դաշտին վրայ կրցաւ 125-93 արդիւնքով պարտութեան մատնել Տենվըր Նակեթցը եւ հասնիլ Արեւմտեան շրջանի աւարտական:
7-րդ ճակատումին, Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր եւ ընկերներ կրցան դուրս ձգել 2023-ի ախոյեան Նիքոլա Եոքիչի Տենվըր Նակեթցը, որ միայն առաջին մասին կրցաւ քիչ մը տիրապետել:
Շէյ 35 կէտ նշանակեց, իսկ Ճէյլըն Ուիլիամս 24 կէտ աւելցուց ի նպաստ Օքլահոմայի, որ իր 82 մրցումներէն 68-ն յաղթած էր բնական եղանակին:
Թիւ 1 դասուած Թանտըր պիտի հիւրընկալէ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը, 2016-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով հասնելով Արեւմտեան շրջանի աւարտական:
Տենվըրի սերպ աստղ Եոքիչ 20 կէտ եւ 9 ռիպաունտ կրցաւ ձեռք ձգել, մինչ Արոն Կորտըն, որ փլէյ օֆի բոլոր մրցումներուն կը փայլէր, վիրաւոր ըլլալով հանդերձ խաղցաւ: 8 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Կորտըն:
Օքլահոմայի մարզիչ Մարք Տէյնօ յայտնեց, որ ճնշումի տակ իր խումբը լաւ կրցաւ վարուիլ եւ արդիւնք տալ: «Այժմ խումբը աւելի լաւ կը խաղայ, քան փլէյ-օֆի առաջին մրցումները»: Ան յայտնեց, որ խումբը պիտի փորձէ նոյն ընթացքը շարունակել աւարտականին ալ եւ մինչեւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտ: