Այսօր տեղի կ՛ունենայ Ուասլի (Ուեսթ Ասիա Սուփըր լիկ) կիսաւարտականի հանգրուանը, ուր լիբանանեան երկու ակումբներ հասած են եւ կրնան հասնիլ աւարտական:
Անցեալ տարուան Ուասլի ախոյեան Ռիատի ժամը 17:45-ին պիտի մրցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շապապ Ահլիին դէմ, որմէ ետք ժամը 20:45-ին Սաժես պիտի մրցի Իրանի Թապիաթ խումբին դէմ:
Անցեալ տարի Ռիատի կրցած էր յաղթել Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին Շապապ Ահլիին` այս վերջինիս Տուպայի դաշտին վրայ, եւ այսօր «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ անգամ մը եւս կրնայ կրկնուիլ արդիւնքը, մանաւանդ որ Ռիատի շատ հանգիստ մրցումներ կ՛ունենայ երբեմն` առանց յոգնեցնելու իր լաւագոյն մարզիկներն անգամ:
Սաժեսի մրցումը շատ աւելի դժուար է, մանաւանդ որ առաջին հանգրուանին, Թապիաթ երկու անգամ ալ կրցած էր յաղթել Սաժեսին:
Սաժես, որ Ռիատիի նման մեծ թիւով լաւ մարզիկներ ունի, տակաւին չէ գտած իր մակարդակը եւ խմբային լաւ խաղ չի կրնար կիրարկել: Մարզիչը շատ լաւ է եւ փորձառու, բայց պակաս բան մը կայ, որ տակաւին յստակ չէ:
Յուսանք, որ լիբանանեան երկու խումբերն ալ հասնին աւարտական, որ տեղի կ՛ունենայ վաղը 20:45-ին, 3-րդ դիրքի մրցումը տեղի կ՛ունենայ ժամը 17:45-ին: