Պաքուի մէջ կը շարունակուին եւրոպական խաղերու կռփամարտի մրցումները:
52 քկ դասակարգի մրցումներուն քառորդ աւարտականին Նարեկ Աբգարեան 3 ռաունտերու վրայ երկարած իր ճակատումին 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Ուիլիամ Թանքոյէն (Սլովաքիա), կը յայտնէ ArmSport.am:
Այսպիսով, Աբգարեան չյաջողեցաւ իր պայքարը շարունակել` մետալի մը տիրանալու համար:
Նշենք, որ ան 1-8-րդ հանգրուանին 2-1 արդիւնքով յաղթած էր հունգարացի Նանտոր Ցսոկային: