Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ «Փաթրիք Ասսաֆ» ընկերութեան, հովանաւորութեամբ Սուրիա եւ Լիբանան դրամատան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, 29-30 յունիսին եւ 1 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ Փաթրիք Ասսաֆի անուան փինկ փոնկի տարեկան 11-րդ մրցաշարքը` վերոնշեալ ակումբին մէջ:
Տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ դասակարգերու երկսեռ մրցումներ:
Արձանագրութեան համար կարելի է կապ հաստատել` հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 03-868373, 03-240412, 03-601656 եւ 05-921323: