Աթլեթիքօ Մատրիտի խրուաթ յառաջապահ Մարիօ Մանտզուքիչ իր ակումբը լքելով միացաւ Եուվենթուսի:
Անոր փոխանցման համար Իտալիոյ ախոյեանը սպանական ակումբին վճարեց 19 միլիոն եւրօ: Սակայն այդ գումարը կրնայ բարձրանալ մինչեւ 21 միլիոն եւրոյի, նայած անոր արդիւնքներուն:
29 տարեկան Մանտզուքիչ նախորդ տարեշրջանին Աթլեթիքոյի հետ նշանակեց 20 կոլ:
Անոր ժամանումով կրնայ արագանալ Եուվէէն Քարլոս Թեւեզի հեռացումը, վերջինս կ՛ուզէ միանալ իր նախկին ակումբին` Պոքա Ժունիորզին:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ Եուվենթուս իր կազմին միացուց Փալերմոյի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալան` անոր համար վճարելով 40 միլիոն եւրօ: