«Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Էվըրթըն յայտարարեց, որ իր կազմին միացուց Պարսելոնայի մարզիկներէն Ժերար Տէօլոֆէօն, որ ստորագրեց 3 տարուան պայմանագրութիւն մը` փոխան 6.7 միլիոն եւրոյի:
21 տարեկան սպանացին, որ 2013-2014 տարեշրջանին Պարսելոնայէն փոխ տրուեցաւ Էվըրթընի` 29 մրցումի նշանակեց 3 կոլ:
Նշենք, որ Տէօլոֆէօ, որ նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր Սեւիլլայի, այսպիսով կը հանդիսանայ երկրորդ նորեկը, որ կու գայ «Կուտիսըն Փարք» միջնապահ Թոմ Քլիվըրլիէն ետք, որ ազատ փոխանցումով մը միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտէն, կ՛եզրափակէ «Ռոյթըրզ»: