«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի կրնայ բացակայիլ Չիլիի դէմ տեղի ունենալիք «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականէն` նկատի ունենալով, որ անոր հայրը` Լուիս Քաւանի, Ուրուկուէյի մէջ պատճառ դարձած է 19 տարեկան անձի մը մահուան, երբ իր բեռնատար ինքնաշարժով հարուածած է այդ անձին մոթորսիքլեթին:
Ուրուկուէյի մարզիչ Օսքար Թապարեզ եւ ազգային խումբին մնացեալ մարզիկները կը զօրակցին Քաւանիի` տեղի ունեցած այդ արկածին գծով:


