«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ 2017-ի «Օլ-Սթար»-ի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 19 փետրուարին` Շարլոթի մէջ:
Վերջին անգամ այս քաղաքը «Օլ-Սթար»-ի մրցումը հիւրընկալած է 1991-ին:
Նախքան այս որոշումին տրուիլը, Շարլոթի պատասխանատուները պատրաստ էին վճարելու 27.5 միլիոն ամերիկեան տոլար` տեղւոյն Հոռնեթցի մարզադաշտը վերակառուցելու համար:
Նշենք, որ 2016-ի «Օլ-Սթար»-ի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am: