Սպանական «ԱՍ» կայքը յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտ հաստատեց նորվեկիական Վալերենկայի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին կայացման օրը:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ 9 օգոստոսին, Օսլոյի Ուլեվալ մարզադաշտին վրայ, շարունակեց ArmSport.am:
Արքայական ակումբը Վալերենկայի դէմ պիտի մրցի «Օտի» բաժակի մրցաշարքին աւարտէն 4 օր ետք, երբ Ռէալի մրցակիցները պիտի ըլլան Թոթենհամ, Պայէրն Միւնիխ եւ Ա. Սէ. Միլան: