ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Անթիլիասի մասնաճիւղի պասքեթպոլի մարզիկներ, մարզիչներ եւ վարչական պատասխանատու մը կը մասնակցին պասքեթպոլի բանակումի մը, որ կը տեւէ մինչեւ 27 յունիս:
Կիպրոսի Ակրոս շրջանին մէջ տեղի ունենալիք այս բանակումը կը կրէ «Moufflons Invitational Basketball camp» անունը եւ կազմակերպուած է ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց Ա. դասակարգի մարզիչ Նեմանիա Պիեթովի կողմէ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն. Մեղրի Թորոսեան, Միհրան Մուրատեան, Սերժ Կէօքճեան, Մարիօ, Արման Նաճարեան, Քեւըն-Վահագն Պեզճեան, Սերժ Ճերքեսեան, Մելքոն Տեքերմենճեան (մարզիկներ), Սեւակ Քեթենճեան, Ժոել Ապտելնուր (մարզիչներ) եւ Րաֆֆի Գասապեան (պատասխանատու):


