16 դրամատուներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ֆութսալի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Պէյրութի եւ «Աուտէ» դրամատուներուն միջեւ:
Մեծ թիւով համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցած աւարտական այս մրցումին յաղթանակ արձանագրեց «Աուտէ» դրամատունը, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք իր մրցակիցը, տիրացաւ տիտղոսին:
Աւարտական այս մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Ախոյեան խումբէն բացի մրցանակներ ստացան նաեւ այլ մարզիկներ:
31 կոլ նշանակած Հասան Պաժուք (Պէյրութի եւ Արաբական երկիրներու դրամատուն) հանդիսացաւ մրցաշարքին կոլսքորըրը, Զաֆեր Մոհամետ Աֆիֆ («Քրետի Լիպանէ»), տիրացաւ լաւագոյն բերդապահի տիտղոսին, մինչ օրինակելի խումբը հանդիսացաւ Սուրիա – Լիբանան դրամատունը: