Պայէրն Միւնիխի սպանացի բերդապահ Փեփէ Ռէյնա ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Նափոլիի հետ, այս գծով տեղեկացուց իտալական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Իտալական մամուլին համաձայն, 32 տարեկան սպանացին երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ:
ArmSport.am իր տուած այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Ռէյնա նախապէս 2013-2014 տարեշրջանին արդէն իսկ հանդէս եկած է Նափոլիէն: