Մարզական

Սլութցքիյ Նշանակուեցաւ Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Իր լուրը քաղելով Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ յայտնեց, որ Մոսկուայի Բանակայիններու մարզիչ Լէոնիտ Սլութցքիյ նշանակուեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: Նշենք, որ նախորդ ամիս ֆետերասիոնը նախկին մարզիչ Ֆապիօ Քափելլոյի հետ իր կնքած համաձայնագիրը չեղեալ նկատեց եւ ատիկա` Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալին ազդանշանը տրուելէն երեք տարի առաջ: 44 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը մինչեւ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի...

Մանչեսթըր Սիթի 2 Տարիով Երկարաձգեց Փելլեկրինիի Պայմանագրութիւնը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Մանչեսթըր Սիթի 2 տարիով երկարաձգեց իր մարզիչին` Մանուէլ Փելլեկրինիի պայմանագրութիւնը: Ասիկա կը նշանակէ, որ Փելլեկրինի մինչեւ յունիս 2017 մարզիչներ Ռուպեն Քուսիասի, Զապիէ Մանչիսիտորի եւ Խոսէ Քապելլոյի հետ միասին պիտի մնայ անգլիական ակումբին հետ: Նշենք, որ չիլիցի մարզիչը Սիթիին միացաւ 2013-ին:

Հեմիլթըն Կ՛ուզէ Ապագային Ելոյթ Ունենալ «Նասքար»-ի Հետ

«Մերսետես»-ի հետ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցող անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ ապագային կ՛ուզէ ելոյթ ունենալ «Նասքար»-ի հետ: «Կ՛ուզեմ օրին մէկը «Նասքար»-ի մրցումներուն մասնակցիլ: Երբ փոքր էի, ինծի համար աւելի հաճելի կը թուէր քշել մոթորսիքլեթը: Երբ հայրս ինծի համար առաջին անգամ ըլլալով քարթինկի ինքնաշարժ գնեց, կ՛ուզէի, որ ստանամ մոթորսիքլեթը: Փափաքս է Moto GP-ի մասնակցիլ», ըսաւ...

Համահայկական Խաղեր. Երեւանի Խումբը Կը Գտնուի Դասաւորման Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Երկուշաբթի, 3 օգոստոսէն սկսեալ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի կ՛ունենան համահայկական 6-րդ խաղերը: Երէկ իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ արդէն իսկ 3 օրերու ընթացքին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքներուն հիմամբ, Երեւանի խումբը բաւական հանգիստ ձեւով բազմած է պարագլուխի դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 20 ոսկի, 15 արծաթ եւ 15 պրոնզ մետալներ: Երեւանցիներուն ամէնէն...

Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան Եւ Վազգէն Թեւանեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին կայքէն` ArmSport.am յայտնեց, որ Սերպիոյ Սուպոթիքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի պատանիներու ըմբշամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ աւարտեցան 46 եւ 58 քկ դասակարգի մրցումները: Հայաստանը ներկայացնող Արսէն Յարութիւնեան աւարտականին 10-3 արդիւնքով յաղթելով վրացի ըմբիշ Կիորկի Ցախիցէին, 46 քկ դասակարգին մէջ հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան: 58 քկ դասակարգին մէջ, Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսին արժանացաւ Վազգէն Թեւանեան,...

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան Մէկ Դիրքի Ոստում Մը Արձանագրեց

ՖԻՖԱ-ին կողմէ երէկ հրապարակուած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մէկ դիրքի ոստում մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 88-րդ դիրքը: Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի խմբակին մաս կազմած խումբերը կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. Փորթուգալ` 6-րդ, Ալպանիա` 22-րդ, Դանիա` 25-րդ եւ Սերպիա` 66-րդ: Պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Արժանթին, որուն ետին յաջորդաբար 2-րդ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Հենրիխ Մխիթարեան Հեթրիք Մը Իրագործեց

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պորուսիա Տորթմունտ 5-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Վոլֆսպերկը (Աւստրիա): Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան մեծապէս նպաստեց իր կազմին, նախ մրցումին բացման փոխանցումը կատարելով, ապա` հեթրիք մը իրագործելով (73-րդ, 82-րդ եւ 86-րդ): Նշենք, որ երթին Տորթմունտ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:

«Լիկ-1». Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Լիլ - Փարիզ Սեն Ժերմեն բացման մրցումով այսօր կը սկսի Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 2015-2016 տարեշրջանը: Մնացեալ մրցումները կը շարունակուին շաբաթավերջին, երբ շաբաթ օր տեղի կ՛ունենան 6, իսկ կիրակի օր` 3 մրցումներ: Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Լիլ - Փարիզ Սեն Ժերմեն 21:30 ՇԱԲԱԹ   Մարսէյ - Քան 22:00 Մոնփելիէ - Անժեր...

Տի Մարիա Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի

Երէկ` հինգշաբթի, 6 օգոստոսին, արժանթինցի յառաջապահ Անխել Տի Մարիա իր ակումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտը լքելով միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի, յայտնեց ֆրանսական ակումբին կայքը: Տի Մարիա, որ 2014-ին, Ռէալ Մատրիտի հետ հանդիսացաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսակիր, Եունայթըտին միացաւ նախորդ տարեշրջանին առանց ինքզինք պարտադրել կարենալու «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն: Նշենք, որ Տի Մարիան իր կազմին միացնելու համար, մայրաքաղաքի կազմը Եունայթըտի վճարեց 63 միլիոն...

Եւրոպայի Գերբաժակ. Եորտի Ալպա Բացակայ` Սեւիլլայի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Եորտի Ալպա Պարսելոնայի յետսապահ Եորտի Ալպա, որ քանի մը օր առաջ Ա. Էս. Ռոմայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, նուազագոյնը տասը օրուան կարիք ունի լաւապէս ապաքինելու համար: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ 11 օգոստոսին Սեւիլլայի դէմ տեղի ունենալիք Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումին, որ պիտի կատարուի Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան): Ինչ կը վերաբերի Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ տեղի...

Եուրօ-2016. Հայաստան – Դանիա Մրցումին Տոմսերը Երէկ Սկսան Ծախուիլ

Երէկ` հինգշաբթի, 6 օգոստոսին սկսան ծախուիլ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին Հայաստան - Դանիա մրցումին տոմսերը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 7 սեպտեմբերին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: Մարզադաշտին Արեւմտեան թրիպիւնին տոմսերը կ՛արժեն 8000-10,000 դրամ, արեւելեանինը` 5000-7000 դրամ, իսկ հիւսիսայինը եւ հարաւայինը` 4000 դրամ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը, որ երէկ...

Լիպերթատորես Բաժակի Մրցաշարք. Ռիվըր Փլէյթ Բաժակակիր` 19 Տարի Ետք

Արժանթինեան Ռիվըր Փլէյթ ֆութպոլի ակումբը Լիպերթատորես բաժակի մրցաշարքի աւարտական դարձի մրցումին 3-0 արդիւնքով (երթ` 0-0) յաղթելով մեքսիքական Թիկրեսին հռչակուեցաւ ախոյեան: Լուրը հաղորդող ArmSport.am աւելցուց, որ այս մրցաշարքին պատմութեան մէջ Ռիվըր Փլէյթ երրորդ անգամ ըլլալով էր, որ կը տիրանար անոր: Նախապէս արժանթինեան խումբը, որ 1986-ին եւ 1996-ին հռչակուած էր ախոյեան, այսպիսով 19 տարի ետք դարձեալ կը բարձրացնէ տիտղոսը:

Մորաթթա Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի

Եուվենթուսի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթա վիրաւոր ըլլալուն պատճառով մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Սպանացի յառաջապահը այսպիսով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել շաբաթ, 8 օգոստոսին Լացիօ Ռոմայի դէմ տեղի ունենալիք Իտալիոյ գերբաժակի մրցաշարքի մրցումին:

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 15 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Կարէն Մարգարեան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Ինչպէս ծանօթ է, Շուէտի մէջ կը շարունակուին Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 15 եւ 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումները: Երէկ 15 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչը` Կարէն Մարգարեան ելոյթ ունեցաւ 69 քկ դասակարգին մէջ: Ան բարձրացնելով ընդամէնը 226 քկ (99+127) գրաւեց 2-րդ դիրքը եւ բնականաբար տիրացաւ արծաթ մետալին` դառնալով Եւրոպայի փոխախոյեան, յայտնեց ArmSport.am:

Ֆութսալ. Եւրոպայի Ուսանողական Ախոյեանութիւն. Հայաստանեան Խումբը Շրջանցեց Խմբային Հանգրուանի Արգելքը

Լեհաստանի Փոզնան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ֆութսալի ուսանողական ախոյեանութեան շրջանակներուն մէջ, Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի խումբը շրջանցեց խմբային հանգրուանի արգելքը, յայտնեց ArmSport.am: Հայաստանեան խումբը, որ մաս կազմեց Ե. խմբակին, իրեն մրցակից ունեցաւ ֆրանսական, անգլիական եւ իսրայէլեան խումբերը: Արձանագրելով յաղթանակ մը եւ երկու հաւասարութիւն` հայկական խումբը 5 կէտով գրաւեց խմբակին պարագլուխի դիրքը: Նշենք, որ ամիսներ առաջ Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի...

Ըմբշամարտ. Վոլոդիա Ֆրանգուլեան Ազատ Ոճի Միջազգային Դասաւորման Մէջ Բարձրացաւ 2-րդ Դիրք

Վոլոդիա Ֆրանգուլեան Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց ազատ ոճի զօրաւորագոյն ըմբիշներուն նոր դասաւորումը` ըստ դասակարգերու: Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը ունի Վոլոդիա Ֆրանգուլեան, որ 61 քկ դասակարգին մէջ բարձրացաւ 2-րդ դիրք, կը յայտնէ ArmSport.am: Հայ մարզիկին 2-րդ դիրք բարձրանալուն օգնեց նախորդ մարտին տեղի ունեցած Ալեքսանտր Մետվետի անուան միջազգային մրցաշարքերուն եւ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ընթացքին արձանագրուած յաղթանակները, ինչպէս նաեւ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռափիտ Վիեննա Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Այաքս Ամսթերտամը

Չորս անգամ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Այաքս Ամսթերտամ դուրս մնաց «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն, երբ զտումի Գ. հանգրուանին դարձի իր կատարած մրցումին 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռափիտ Վիեննայէն (երթ` 2-2): Այաքս Ամսթերտամ, որ Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով ուշացած էր, թէեւ Բ. կիսախաղին նշանակեց 2 կոլ, սակայն աւստրիական կազմը կոլ մը եւս նշանակելով դուրս ձգեց հոլանտական խումբը:

Ճատրակ.  «Հրակ Լախեան Հանդիսացաւ Մրցաշարքին Անակնկալը»  Յայտարարեց Գնդապետ Էլիաս Ապու Ժաուտէ

Ճատրակ. «Հրակ Լախեան Հանդիսացաւ Մրցաշարքին Անակնկալը» Յայտարարեց Գնդապետ Էլիաս Ապու Ժաուտէ

Երեքշաբթի օրուան մեր մարզական էջով տուինք լիբանանեան բանակին հիմնադրութեան 70-ամեակին առիթով տեղի ունեցած ճատրակի տարիքային մրցաշարքին լուրը: Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ լիբանանեան բանակին մարզական համալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), գնդապետ Էլիաս Ապու Ժաուտէ, անդրադառնալով մրցաշարքին յաջողութեան, յատուկ կերպով նշեց այն կարեւոր կէտը, որ այս միօրեայ մրցաշարքին անակնկալը հանդիսացաւ 11 տարեկան Հրակ Լախեան, որ հանդիսացաւ թէ՛ իր տարիքին` 12 տարեկանէն վար...

Ինիեսթա` Պարսելոնայի Նոր Խմբապետը

Վերջին երկու տարեշրջաններուն Պարսելոնան լքեցին փորձառու եւ հիմնական մարզիկներ Քարլես Փիւյոլ եւ Զաւի: Փիւյոլ եկար տարիներ խումբին խմբապետն էր, մինչ Զաւի` փոխխմբապետը: Սակայն նախորդ տարեշրջանին Զաւի ինքն էր խմբապետը: Զաւիի հեռանալէն ետք Պարսելոնայի հետ ամէնէն շատ մրցումներ կատարած ֆութպոլիստը Անտրես Ինիեսթան է, որ պիտի ըլլայ խումբին խմբապետը` 2015-2016 տարեշրջանին: Փոխխմբապետն է Լիոնել Մեսսի, մինչ յաջորդաբար 3-րդ եւ 4-րդ խմբապետները` Սերճիօ...

«Լիկ-1». Վիրաւոր Իպրահիմովիչ Պիտի Բացակայի Տարեշրջանի Բացման Մրցումէն

Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով պիտի բացակայի «Լիկ-1-»-ի 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեանութեան բացման մրցումէն: Շուէտացի յառաջապահը վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Լիոնի դէմ տեղի ունեցած մրցումին: Նշենք, որ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն իր առաջին մրցումին, վաղը` ուրբաթ, 7 օգոստոսին հիւրը պիտի ըլլայ Լիլի: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:  

Page 1199 of 1275 1 … 1,198 1,199 1,200 … 1,275

Արխիւներ