
Ինչպէս ծանօթ է, Շուէտի մէջ կը շարունակուին Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 15 եւ 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումները:
Երէկ 15 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչը` Կարէն Մարգարեան ելոյթ ունեցաւ 69 քկ դասակարգին մէջ:
Ան բարձրացնելով ընդամէնը 226 քկ (99+127) գրաւեց 2-րդ դիրքը եւ բնականաբար տիրացաւ արծաթ մետալին` դառնալով Եւրոպայի փոխախոյեան, յայտնեց ArmSport.am:


