
Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով պիտի բացակայի «Լիկ-1-»-ի 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեանութեան բացման մրցումէն:
Շուէտացի յառաջապահը վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Լիոնի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Նշենք, որ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն իր առաջին մրցումին, վաղը` ուրբաթ, 7 օգոստոսին հիւրը պիտի ըլլայ Լիլի: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:


