Երեքշաբթի օրուան մեր մարզական էջով տուինք լիբանանեան բանակին հիմնադրութեան 70-ամեակին առիթով տեղի ունեցած ճատրակի տարիքային մրցաշարքին լուրը:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ լիբանանեան բանակին մարզական համալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), գնդապետ Էլիաս Ապու Ժաուտէ, անդրադառնալով մրցաշարքին յաջողութեան, յատուկ կերպով նշեց այն կարեւոր կէտը, որ այս միօրեայ մրցաշարքին անակնկալը հանդիսացաւ 11 տարեկան Հրակ Լախեան, որ հանդիսացաւ թէ՛ իր տարիքին` 12 տարեկանէն վար դասակարգին առաջինը եւ թէ՛ ալ 18 տարեկանէն վար բաց մրցաշարքին ախոյեանը, ստանալով սոյն մրցաշարքին տիտղոսը:
Լախեան, որ առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովեց 6 կէտ (5 յաղթանակ եւ 2 հաւասարութիւն), արժանացաւ ներկաներուն գնահատանքին` իր տիտղոսը ստացած պահուն: