«Մերսետես»-ի հետ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցող անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ ապագային կ՛ուզէ ելոյթ ունենալ «Նասքար»-ի հետ:
«Կ՛ուզեմ օրին մէկը «Նասքար»-ի մրցումներուն մասնակցիլ: Երբ փոքր էի, ինծի համար աւելի հաճելի կը թուէր քշել մոթորսիքլեթը: Երբ հայրս ինծի համար առաջին անգամ ըլլալով քարթինկի ինքնաշարժ գնեց, կ՛ուզէի, որ ստանամ մոթորսիքլեթը: Փափաքս է Moto GP-ի մասնակցիլ», ըսաւ Հեմիլթըն: