Արժանթինեան Ռիվըր Փլէյթ ֆութպոլի ակումբը Լիպերթատորես բաժակի մրցաշարքի աւարտական դարձի մրցումին 3-0 արդիւնքով (երթ` 0-0) յաղթելով մեքսիքական Թիկրեսին հռչակուեցաւ ախոյեան:
Լուրը հաղորդող ArmSport.am աւելցուց, որ այս մրցաշարքին պատմութեան մէջ Ռիվըր Փլէյթ երրորդ անգամ ըլլալով էր, որ կը տիրանար անոր:
Նախապէս արժանթինեան խումբը, որ 1986-ին եւ 1996-ին հռչակուած էր ախոյեան, այսպիսով 19 տարի ետք դարձեալ կը բարձրացնէ տիտղոսը: