
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին կայքէն` ArmSport.am յայտնեց, որ Սերպիոյ Սուպոթիքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի պատանիներու ըմբշամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ աւարտեցան 46 եւ 58 քկ դասակարգի մրցումները:
Հայաստանը ներկայացնող Արսէն Յարութիւնեան աւարտականին 10-3 արդիւնքով յաղթելով վրացի ըմբիշ Կիորկի Ցախիցէին, 46 քկ դասակարգին մէջ հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան:
58 քկ դասակարգին մէջ, Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսին արժանացաւ Վազգէն Թեւանեան, որ աւարտականին պարտութեան մատնեց իր թուրք մրցակիցը:


