Երէկ` հինգշաբթի, 6 օգոստոսին սկսան ծախուիլ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին Հայաստան – Դանիա մրցումին տոմսերը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 7 սեպտեմբերին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Մարզադաշտին Արեւմտեան թրիպիւնին տոմսերը կ՛արժեն 8000-10,000 դրամ, արեւելեանինը` 5000-7000 դրամ, իսկ հիւսիսայինը եւ հարաւայինը` 4000 դրամ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը, որ երէկ հրապարակեց այս լուրը, նշեց, որ մրցումին ազդանշանէն 2 ժամ առաջ նախընտրելի պիտի ըլլայ ուղղուիլ մարզադաշտ` իրարանցումին առաջքը առնելու համար: