«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պորուսիա Տորթմունտ 5-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Վոլֆսպերկը (Աւստրիա):
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան մեծապէս նպաստեց իր կազմին, նախ մրցումին բացման փոխանցումը կատարելով, ապա` հեթրիք մը իրագործելով (73-րդ, 82-րդ եւ 86-րդ):
Նշենք, որ երթին Տորթմունտ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր: