
Պարսելոնայի յետսապահ Եորտի Ալպա, որ քանի մը օր առաջ Ա. Էս. Ռոմայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, նուազագոյնը տասը օրուան կարիք ունի լաւապէս ապաքինելու համար:
Ասիկա կը նշանակէ, որ ան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ 11 օգոստոսին Սեւիլլայի դէմ տեղի ունենալիք Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումին, որ պիտի կատարուի Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան):
Ինչ կը վերաբերի Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումին, անոր մասնակցութիւնը հարցականի տակ է: