Իր լուրը քաղելով Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ յայտնեց, որ Մոսկուայի Բանակայիններու մարզիչ Լէոնիտ Սլութցքիյ նշանակուեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:
Նշենք, որ նախորդ ամիս ֆետերասիոնը նախկին մարզիչ Ֆապիօ Քափելլոյի հետ իր կնքած համաձայնագիրը չեղեալ նկատեց եւ ատիկա` Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալին ազդանշանը տրուելէն երեք տարի առաջ:
44 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը մինչեւ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ֆետերասիոնին հետ: