Ռուսիոյ ֆութպոլի առաջին դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լուչ Էներկիա, որ հիւրը եղաւ Քամազի, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ռուսլան Քորեան, կը յայտնէ ArmSport.am:
Քորեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, դեղին քարտ մըն ալ ստացաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Լուչ Էներկիա, ապահովելով 13 կէտ, Սոքոլի հետ միասին կը գլխաւորէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: